Արևմտահայերէն հաղորդումներ

«Արևմտահայերէն հաղորդումներ». «Վերյիշելով Եփրեմ Վրդ. Տէր Ղազարեանը »

Ակնարկ Հալէպի պատերազմը ծանր հարուած հասցուց մեր հայկական վարժարաններուն: Այս սքանչելի դպրոցները, որոնք հիմնուեր էին արիւն-քրտինքով, եւ որոնք 90, 80 կամ 70 տարիէ ի վեր գիրկ բացեր էին իրերայաջորդ բազմաթիւ սերունդներու, յանկարծ ամայացան: Եփրեմ Վրդ. Տէր Ղազարեանի կեանքն ու գրական վաստակը: Ան Տասներեք տարեկանին մտած էր Ս. Ղազարու վանքը, որուն ընթացքը բոլորելէ ետք մեկնած էր Հռոմ եւ յաճախած` տեղւոյն Գրիգորեան համալսարանը: 1946-ին ձեռնադրուած էր կուսակրօն քահանայ, իսկ յաջորդ տարի ալ աւարտած էր համալսարանի աստուածաբանութեան եւ իմաստասիրութեան ճիւղերը: Նոյն տարին` 1947, ուսուցչական պաշտօնի կը կոչուէր արդէն Հալէպի Մխիթարեան վարժարանը, որուն հետ իր անունը պիտի նոյնանար հետագայ տասնամեակներուն:

Back to top button